2017-11-01 10:25:00

Քաթալոնիոյ նախագահը կը գտնուի Պելճիքա` ազատ խօսիլ կարենալու համար


Քաթալոնիոյ պաշտօնազրկուած նախագահ Քարլես Փուչտեմոն երէկ յայտնեց, որ Պելճիքա չ՛այցելեր ապաստան ստանալու համար: Ան յայտնեց, որ չի փորձեր արդարադատութենէն փախուստ տալ, այլ կ՛ուզէ ազատ խօսելու կարելիութիւնը ունենալ:

Փուչտեմոն Պելճիքայի մէջ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ յայտնեց, որ պիտի ընդունի Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ դեկտեմբերին Քաթալոնիոյ մէջ յայտարարուած կանխահաս ընտրութիւններուն արդիւնքը:

Ան չնշեց, թէ մինչեւ ե՛րբ պիտի մնայ Պելճիքա, սակայն յայտնեց, որ պիտի վերադառնայ, երբ սպանական կառավարութենէն ստանայ «երաշխիքներ»: Փուչտեմոն յայտնեց, որ Սպանիոյ դատախազին կողմէ իրեն եւ շարք մը նախարարներու 30 տարուան բանտարկութիւն ենթադրող ամբաստանութիւններ ուղղելը ցոյց կու տայ կեդրոնական իշխանութիւններուն յարձակումին ծաւալը:

Մինչ այդ, Սպանիոյ սահմանադրական դատարանը երէկ առկախեց Քաթալոնիոյ ղեկավարին կողմէ կատարուած անկախութեան հռչակումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.